Կիրակի, 12 Ապրիլ 2009-ին, Փարիզի Տիամանթէր ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի աւանդական զատկուան ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ 100է աւելի բարեկամներու:
Միութեան ատենապետուհի Հերա Թոսունեան իր բարի գալուստի խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, որոնք կը գտնուէին Փարիզ իրենց հերթական դիւանական ժողովին առիթով եւ սիրայօժար միացած էին Համազգայինի ընտանիքի անդամներուն:
Իրարու յաջորդեցին ներկաներու ինքնաբուխ գեղարուեստական տաղանդները՝ արտասանութիւններ, երգ, պար, որոնք բարձր պահեցին մթնոլորտը: Տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ եւ վիճակահանութիւն:
Սովորութիւն դարձած այս Սուրբ Զատկուան ճաշկերոյթը առիթ մըն է Համազգայինի ընտանիքի անդամներուն միախմբուելու ու հայկական աւանդական Սուրբ տօնը եւ խորհուրդը փոխանցելու նոր սերունդին: