Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին բացումը կատարուեցաւ Զոհրապ Քիրէճեանի ցուցահանդէսին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք արուեստասէր ներկաներուն ըսաւ, որ Զոհրապ Քիրէճեան ծանօթ է հայ հասարակութեան իբրեւ արձակագիր: Աշխատակցած է գրական զանազան պարբերաթերթերու հետ: Ապա յայտնեց, որ Զոհրապ Քիրէճեան հրատարակած է երեք հատորներ եւ անդամ է Հայաստանի գրողներու միութեան:
Սիւզի Տէրտէրեան հաստատեց, որ ասիկա Զոհրապ Քիրէճեանի երրորդ ցուցահանդէսն է, որ կը կազմակերպուի: Ինք կանուխէն սիրած է գեղանկարչութիւնը եւ յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է արուեստի այս բնագաւառին նկատմամբ: Տէրտէրեան աւարտեց իր խօսքը արեւշատութիւն եւ յաջողութիւն մաղթելով Զոհրապ Քիրէճեանին: