
Հաւատարիմ հայ երգչախմբային արուեստը պահելու եւ զայն նոր սերունդին փոխանցելու սկզբունքին, Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը շարունակելով իր մշակութային ուղին, այս տարի եւս ելոյթ ունեցաւ ազգային, հոգեւոր եւ դասական երգերու գունեղ ցանկով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի երաժշտագիտական ամպիոնի դասախօս՝ Դոցենտ Դաւիթ Պօղոսեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Օրդ. Ռուզան Պարսումեանի:
«Ձայնը ապրում չէ, եթէ հոգիի արտաբխում չէ» կը հաստատէր խմբավար Դաւիթ Պօղոսեանը եւ ահա «Զուարթնոց»ականները, շնորհիւ խմբավարի հմուտ աշխատանքին, յաջողած էին իրենց ձայնին մէջ արտացոլանել իրենց հոգիի թրթռացումն ու ապրումներու հարազատ արտայայտութիւնը: «Զուարթնոց»ի առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 21 Մարտ 2010-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ
Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան «Զուարթնոց» Երգչախմբային միաւորին:
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով հանդէս եկաւ Օրդ. Արփի Քիլէճ-
եան, որ անդրադարձաւ երգչախմբային արուեստի հմայքին, ինչպէս նաեւ երգողներու բոլորանուէր աշխատանքին, ապա շնորհակալութեան խօսք ուղղեց խմբավար Դաւիթ Պօղոսեանին,եւ համերգի նուիրատուներուն:
Համերգի յայտագրին առաջին բաժինով հնչեց անմահն Կոմիտասի «Առաւօտ լուսաբեր», «Սարերի վրով», «Ախ Մարալ ճան - Էրւում եմ», «Հովն անուշ», «Կուժն առա - Գնա գնա» եւ ժողովրդային երգերու շարանը, Կարա Մուրզայի ժողովրդային երգերու շարքն ու Գրիգոր Սիւնիի «Զար զընգը» եւ «Հա կլոր» ստեղծագործութիւնները:
Երգելով ակապելլա (առանց նուագակցութեան) երգեր, երգչախումբը ցուցաբերեց կատարողական բարձր որակ, ներդաշնակ եւ մաքուր հնչողութիւն: Սիրողական խումբի համար դժուար յաղթահարելի հագրուան մը, զոր լաւագոյն ձեւով յաղթահարած էր «Զուարթնոց»ը շնորհիւ երգողներու հետեւողական աշխատանքին եւ ղեկավարի մասնագիտական փորձառութեան: Յայտագրի առաջին բաժինին մէջ հնչեց նաեւ արաբերէն «Ֆոկ Էլ Նէխըլ» երգը, Դաւիթ Պօղոսեանի մշակումով:
Յայտագրի երկրորդ բաժինը կþընդգրկէր ժողովրդական, դասական եւ
ժամանակակից երգեր: Այս բաժինին երգչախումբին ընկերակցեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նուագախումբը:
Երգչախումբ-նուագախումբ ներդաշնակ կատարումը նոր երանգ եւ հարուստ հնչողութիւն տուաւ համերգին:
Երկրորդ բաժինի բոլոր երգերու մշակումը գեղեցկագոյն ձեւով իրագործած էր խմբավար Դաւիթ Պօղոսեանը, իւրաքանչիւր երգ վերածելով սքանչելի համանուագի: Ունկնդրութիւնը իւրայատուկ վայելք դարձաւ, ստեղծելով գերզգայուն եւ խանդավառ պահեր:
Ա
յս բաժինը կþընդգրկէր՝ «Երազ իմ երկիր» խօսք եւ երաժշտութիւն Ռ.Ամիրխանեանի, «Մայրիկ» Գուսան Իկիթի, մեներգող՝ Մարիա Քէլէշեան, «Իմ անուշ տաւիղ» Խ. Աւետիսեան, մեներգող՝ Լենա Աշըգեան, «Շէէմ» Պասէլ Ռաճուպ, մեներգող՝ Գարօլին Քէշիշեան, «Շորորա» Գուսան Շերամ, մեներգող՝ Մհեր Մինասեան, «Ալվան վարդեր» Գուսան Շերամ, մեներգող՝ Ռոզալին Արամեան, «Օլոր մոլոր» Գուսան Շերամ, մեներգող՝ Շանթ Ջաղացպանեան, «Սէր իմ, սիրուն ես», մեներգող՝ Յակոբ Շարոյեան, «Տէ գնա» Սիլվա-Մանէ Յակոբեաններ, մեներգող՝ Գարօլին Քէշիշեան, «Դուք, ով հայ» Յակոբեաններ, մեներգող՝ Թալին Սիմոնեան,«Հզօր բանակ» Մարտիրոսեան, մեներգող՝ Խաչիկ Գրիգորեան, «Մեր ազատ Հայաստան» Մարտիրոսեան, մեներգող՝ Եղիա Քիլէճեան, «Քեզ համար, Հայաստան»
Շարլ Ազնաւուր:
«Զուարթնոց»ը կատարողական նոր որակով ներկայացաւ հանրութեան, եւ ներկայացուց իր լաւագոյնը, ստեղծելով երաժշտական ջերմ մթնոլորտ:
Իսկական գնահատանքի արժանի են երգողները, նուագակցողները, խմբավարն ու վարչութեան անդամները, որոնց համատեղ ջանքերուն շնորհիւ «Զուարթնոց»ը հանդէս եկաւ փայլուն ելոյթով:
Ապրին հայ մշակոյթի ծառայող մեր նուիրեալ համազգայնականները՝ երգողներ թէ նուագակցողներ:
Վարձքը կատա°ր երաժշտագէտ Դաւիթ Պօղոսեանին, իր բծախնդիր աշխատանքին, գեղեցկագոյն երգերու ընտրութեան, իւրայատուկ մշակումներուն համար: