
14 Հոկտեմբերի երեկոյեան «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրատունը հիւրընկալեց խումբ մը գրողներ, գրասէրներ, որոնք եկած էին ներկայ ըլլալու եւ իրենց մասնակցութիւնը բերելու «Բագին»ի կազմակերպած ընթերցման հանդիպման, որ նուիրուած էր լիբանանահայ բանաստեղծ, գրականագէտ եւ մանկավարժ Պէպօ Սիմոնեանի «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» քերթողագիրքին եւ «Էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» Ա. հատորին:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ երեկոն բացուած յայտարարեց «Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, ապա կարդաց Նիւ Եորքէն այս առիթով թատերագիր Հրանդ Մարգարեանի ե-նամակն ու «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» հատորի լոյս ընծայման առիթով 2005-ին Պոլիսէն Պ. Սիմոնեանի ուղղուած նամակը՝ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի կողմէ:
Այնուհետեւ եւ փոխն ի փոխ կատարուեցան ընթերցումներ՝ Պ. Սիմոնեանի քերթողագիրքէն եւ հատուած մըն ալ անոր գրականագիտական հատորին մէջ տեղ գտած այն յօդուածէն, որ գրուած է Վ. Շուշանեանի՝ Շահան Շահնուրի ուղղուած «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը» պարսաւագիրին առիթով:
Երեկոյթը յատկանշուեցաւ նաեւ մտերմիկ զրոյցով, որուն ընթացքին ներկաները ազատօրէն արտայայտեցին իրենց մտածումները՝ հայ գիրի պահպանման ու տարածման, գրականութիւնը նոր շունչով ու երիտասարդ գրիչներով հարստացնելու կարելի ձեւերու մասին, նաեւ՝ տեղին մատնանշումներ կատարուեցան առկայ դժուարութիւններու եւ թերութիւններու առնչութեամբ:
Գրող Պէպօ Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Բագին»ի, որ կը փորձէ տարբեր գրողներու գործերու ընթերցման ճամբով շարժում ու հետաքրքրութիւն ստեղծել լիբանանահայ գաղութին մէջ՝ հաստատելով, որ կարեւորը շարունակել, չվհատիլ եւ հաւատա°լն է գործին:
Նշենք, որ «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրութեան որոշմամբ ամէն ամսուան երկրորդ չորեքշաբթի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ ընթերցման հանդիպում:
Մեր յաջորդ հանդիպման՝ Չորեքշաբթի, 11 նոյեմբերին, Կարօ Աբրահամեան պիտի ներկայացնէ ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ եւ նմուշներ՝ անոնց յատկանշական գործերէն:
Ս. Գ.