
Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրութեան նախաձեռնած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում մը:
Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցաւ գրագէտ Շահանդուխտի նորագոյն հրատարակութիւններէն՝ «Լռած լեզուն խօսեցաւ» գիրքը:
«Բագին»ի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան իր բացման խօսքով վեր առաւ Շահանդուխտի գրական վաստակի յատկանիշները՝ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով 80 էջերէ բաղկացած «Լռած լեզուն խօսեցաւ» գրքոյկը:
Ապա Արմէն Ապտալեան ընթերցեց գրքոյկէն կարգ մը էջեր ինչպէս՝ «Հայր մեր», «Հին օր, նոր օր», «Եկեղեցին եւ մարաշցի կինը», եւ այլն:
Շահանդուխտ ներկաներուն թուեց գրքոյկի հրատարակման դրդապատճառն ու պայմանները՝ ընդգծելով, որ այժմ գրեթէ ոչ ոք կը գործածէ իր բնիկ ծննդավայրի բարբառը: Բացառութիւն կը կազմեն Մուսա տաղի (Այնճար) եւ Քեսապի հայորդիները, ուր յատկապէս երէցներու մօտ տակաւին կարելի է լսել բնիկ բարբառի արտայայտութիւններ:
Մարաշի բարբառի գրեթէ «մահամերձ» վիճակը Շահանդուխտ վերագրեց պատմական այն իրողութեան, ըստ որուն, Եղեռնի ընթացքին թուրքեր առաջին հերթին ջարդած են Մարաշի «Հայոց թաղ» կոչուող շրջանի մարաշցի հայ ընտրանիի գլխաւոր դէմքերը, որոնք խիստ սահուն եւ հարազատ ոճով կը գործածէին Մարաշի բարբառը: «Հայախօսութիւնը արգիլելու թրքական ծրագրի քայլերէն մէկն էր ատիկա», ընդգծեց Շահանդուխտ՝ նշելով, որ գրեթէ նման ոճով կը խօսուէին նաեւ մերձակայ Զէյթունի, Հաճընի, Չորք Մարզպանի եւ Ֆնտըճագի բարբառները, որոնց գծով դժբախտաբար բանասիրական լուրջ աշխատանք չկայ առայժմ:
Այս առիթով Շահանդուխտ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Լիբանանի միաւորի ատենապետ Ժան Մոմճեանին, որ այս գաղափարը յղանալով առաջարկած էր իրեն վերյիշելու եւ յիշեցնելու ու ծանօթացնելու Մարաշի բարբառը: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պարգեւ Սամուէլեանին եւ Կարօ Յովհաննէսեանին որոնք սրբագրած, խմբագրած ու առ ի հրատարակութեան պատրաստած էին գրքոյկին նիւթերը:
Գրքոյկը փորձ մըն է Կիլիկիոյ Մարաշի հայահոծ շրջանի պատմական բարբառի ու անոր ընդմէջէն՝ մարաշցիներու բարքերու եւ աւանդութեանց վերակենդանացման ու ծանօթացման:
Ըլլալով բնիկ մարաշցի ընտանիքի դուստր՝ Շահանդուխտ իր մօրմէն ու մեծ մօրմէն լսած յուշերն ու սովորութիւնները այս գիրքին մէջ գրի առնելով պատմութեան փոխանցած է՝ առ ի ժառանգ նոր սերունդին:
Ձեռնարկի աւարտին ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով՝ Շահանդուխտ յայտնեց, թէ արդէն իսկ մարաշցիներու բարբառով երգ մը գրած ու Հայաստան ղրկած է, ուր հայրենի երգիչ Արսէն Գրիգորեան յօրինած ու ժողովրդական երգի վերածած է զայն:
Իր կարգին Մարաշի հայրենակցական միութեան պատասխանատու մը այս առիթով նշեց, թէ աշխատանք կը տարուի վերակենդանացնել Մարաշի բարբառով մեկնաբանուող ու մարաշցիներու յատուկ երգերը եւ այս՝ գործակցաբար գաղութիս երաժիշտ թէ երգիչ արուեստագէտներուն հետ: