
Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2022-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան լիագումար ժողովին առիթով, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում` հրաւէրով Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Լիբանանի շրջանային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու վարչական կազմեր, շրջաններու մասնաճիւղերու ատենապետներ, կառոյցներու տնօրէններ եւ գեղարուեստական պատասխանատուներ:
Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նանօր Գօչունեան-Թաշճեան:Ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ Համազգայինի դերակատարութեան` նշելով, որ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներ կը յաճախեն աւելի քան 670 պատանիներ եւ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 100 վարչական ընկերներ: