
Սիրելի Թատերասէրներ,
Նախապէս մամուլով հաղորդած էինք, թէ Սօս Սագսեանի հիմնած եւ ղեկավարած «Համազգային Պետական Թատրոն»ը այս տարի եւս Ամերիկայի արեւմտեան ափերուն մեզի պիտի պարգեւէ վայելքի անկրկնելի պահեր, հիւրախաղերու նոր ցանկով: Ամերիկեան մուտքի վիզաներու ուշացման հետեւանքով, յառաջիկայ Հոկտեմբերին ճշդուած ներկայացումներուն փոխարէն, թատերախումբը ելոյթներ պիտի ունենայ 2015-ի Փետրուարի 3-էն 8-ը:
Թուականի փոփոխութեան հետ, թատերախաղերու ցանկին վրայ եղաւ պատշաճ փոփոխութիւն մը. Ցանկին վրայ աւելցաւ Մ. Խերանեանի «Շըխոնց Միհրան» թատրերգութիւնը, որուն հերոսը խտացումն է Եղեռնէն ճողոպրած եւ հայրենի հողէն արմատախիլ եղած սերունդի մը: Գլխաւոր հերոսը՝ Միհրանը կը տուայտի անցեալի յուշերու յաճախանքէն, սակայն վերապրումի ջանքերով կը գոյատեւէ ապագային հանդէպ պայծառատեսութեամբ, յաղթահարելով գաղթականի հոգեբանութեան, միշտ անկոտրում կամքով եւ հայօրէն ապրելու վճռակամութեամբ: Ներկայացումը նուիրուած է հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու 100-ամեայ յիշատակին:
Շրջանային Վարչութեան կողմէ կեանքի կոչուած Թատերական Յանձնախումբը երկրորդ տարին ըլլալով տիւ ու գիշեր կը գործէ եւ բծախնդիր մօտեցումով կը հետեւի կազմակերպչական աշխատանքին, թատերական մատուցումներ տրամադրելու համայնքի զաւակներու ստուար թիւի մը՝ ըլլան անոնք աշակերտական մատղաշ տարիքի թէ աւելի չափահաս:
Արդ, կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, կարեւորութեամբ նկատի ունենալ վերոյիշեալ փոփոխութիւնները եւ անվարան դիմել կողքի ծանուցման մէջ գտնուած հեռաձայնի թիւերուն: Տոմսերու սակերը կը մնան նոյնը, սակայն նախապէս գնուած տոմսերը պէտք է փոխարինուին նոր թուականներ կրող տոմսերով:
Ստորեւ ներկայացումներուն յաջորդականութիւնը թուականներով՝
- «Ամենալաւ Տունը». Երեքշաբթի, Փետրուար 3 եւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 4, Հայկական վարժարաններու աշակերտութեան համար
- «44 Աստիճանի Վրայ». Հինգշաբթի, Փետրուար 5
- «Շըխոնց Միհրան». Ուրբաթ, Փետրուար 6 եւ Շաբաթ Փետրուար 7
- «Փրկութեան Կղզին». Կիրակի,Փետրուար 8
Բոլոր ներկայացումները տեղի պիտի ունենան El Portal Theater-ի մէջ՝
5269 Lankershim Blvd.
North Hollywood, CA 91601
Տոմսերու գիներն են $20 $30 եւ $45: Տոմսերու ապահովման համար հաճեցէք դիմել www.itsmyseat.com/Hamazkayin, հեռաձայն՝(626)869-7328, Համազգային՝ (818) 660-1207:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ