
Համազգայինի «Լ.Շանթ » Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած գիրերու գիւտին եւ Սրբոց թարգմանչաց յիշատակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2021-ին, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
Ձեռնարկին ներկայ էին «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ժողովուրդի հոյլ մը: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Շողիկ Սարգիսեան։ Ան ըսաւ.«Համազգայինը իր գործունէութեամբ եւ ճիգերու լարումով յառաջ կը տանի մշակոյթի պահպանման իր առաքելութիւնը եւ զայն կը փոխանցէ նորահաս սերունդներուն՝ առկայծ պահելով անոնց մէջ հայկական մշակոյթին սէրը, որուն կենդանի արտայայտութիւնն է մեր նախաձեռնած ասմունքի դասընթացքը»։ Ապա խօսելով ասմունքի արուեստին մասին ըսաւ, որ ասմունքի արուեստը եւս մաս կը կազմէ հայ մշակոյթին, որուն ընդմէջէն կը ծանօթանանք գրականութեան մէկ սեռին՝ բանաստեղծութեան, դիտել տալով, որ հայ մեծանուն բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն ՝ հայրենասիրական եւ քնարական ապրումներով հարուստ ընտրանի մը պիտի հրամցնեն մեր սիրելի երիտասարդները: