
Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղի «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբը ժամադրավայրը դարձած է, բարեկամական շրջանակի մը, ուր կը հաւաքուին մեր արուեստներով ու աւանդութիւններով հետաքրքրուող մշակութասէրներ։ Արդարեւ, օրուան հանդիսավարը իր բացման խօսքերուն մէջ յայտարարեց, որ ներկաները ձեռնարկի աւարտին պիտի դառնային աւելի իմաստուն, լսելով հայ եւ օտար առակագիրներու մտքերն ու խորհուրդները, որոնք առնուած են մարդկային կեանքի փորձառութիւններէն, ու ներկայացուած կենդանիներու, բոյսերու եւ երկրի այլ երեւոյթներու պատկերներով։
«Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի թիւ 3 սենեակին մէջ, Հինգշաբթի, 13 Մարտ 2014-ին, մասնակցութեամբ 52 ներկաներու։
Բարի եկաքի խօսքով բացումը կատարեց ակումբի պատասխանատուն՝ Տիրուկ Մանճիկեան. ան մինչեւ օրս կատարուած 10 հաւաքներուն մասին վերաքաղ մը ընելէ ետք, բացատրական մը տուաւ առակներու մասին, եւ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց առակագիրներու կենսագրականները։ Ապա հրաւիրեց հերթաբար՝ Գարեգին Կիւրիւնլեան, Ռոպէրթ Գրիգորեան, Անահիտ Պալեան, Թամար Շահինեան-Փօլատեան, Յակոբ Գարայեան, Զարեհ Տօլմաճեան որպէսզի ընթերցեն նմոյշներ տարբեր առակագիրներէ, ինչպէս՝ Եզովբոս, Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գօշ, Յովհաննէս Շիրազ, Լաֆոնթէն, Ուիլիամ Սարոյեան, որմէ ետք ներկաներէն ոմանք, ներշնչուելով, իրենց հերթին կարդացին կամ պատմեցին իրենց հետ բերած առակները, ներառեալ Եզնիկ Բալիկէն։
Վերջընթեր ելոյթը խմբական ներկայացում մըն էր, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց։ Ապա երգուեցաւ Վարուժան արք. Հերկելեանի բառերով ու Ալեքսան Մնակեանի երաժշտութեամբ յօրինուած «Կենդանիներու ժողովը» ինքնատիպ առակը։
Հաճելի էր լսել թատերախումբին մաս կազմող կամ ասմունքող ընթերցողներու ներկայացումը, որոնք իրենց պատմելու ձիրքերով ու դերասանական յատկութիւններով ճոխացուցին մթնոլորտը։
Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ վիճակահանութիւն, եւ բախտաւորներ ստացան օրուան նիւթին հետ առնչուած գիրքեր։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն։
Ներկաները ոչ միայն դարձան աւելի իմաստուն, այլ միասնաբար վայելեցին ու գնահատեցին շատ հաճելի, ջերմ եւ ընկերային մթնոլորտը, մաղթելով որ անխափան շարունակուի ակումբի գործունէութիւնը։
ՆԱԶԱՆ Ա.