
Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2019-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ անգլերէնի թարգմանուած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» գործին գինեձօնը: Ներկայ էին 150 հայորդիներ:
Օրուան հանդիսավարն էր Վիրժինի Թուլումեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, թէ «Թուղթ Առ Երեւան»ի նման կոթողական եւ պատմութիւն կերտած գործի մը թարգմանութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ, որ թէ՛ հայերէն չկարդացող հայորդին եւ թէ օտարը, մօտէն քայլ պահեն եւ տեղեկանան թէ Անդրանիկ Ծառուկեան ի՛նչ պայմաններու տակ գրած է այս գործը:
Ռուբէն Ճանպազեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ը մեծ տպաւորութիւն ձգած է իր վրայ: Յատկապէս ՀՕՄի վարժարաններուն մէջ, երբ իր հայերէնի ուսուցիչը՝ Մուշեղ Գարագաշեան արտասանած է այս էջերը, առանց որեւէ սխալի եւ պապանձումի:
«Թաթուլ Սոնենցի թարգմանութիւնները կարդացած էի անշուշտ. մէկ կամ երկու անգամ նոյնիսկ զայն տեսած էի եւ իրարու ծանօթացած էինք: Սակայն ասկէ չորս տարիներ առաջ երբ առիթը ունեցայ ծառայելու «Արմինիըն Ուիքլի» թերթի խմբագրական կազմին մէջ, այս գաղութի նշանաւոր «Հայրենիք» շէնքին մէջ, բախտաւորութիւնը ունեցայ Թաթուլին հետ մտերմանալու եւ ընկերանալու: Անոր գետնայարկ գրասենեակը դարձաւ նոր դասարանս, ուր շատ բան սորվեցայ մեր ժողովուրդի պատմութեան, գրականութեան, եւ մանաւանդ թարգմանութեան արուեստին մասին: Իր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մեր երկա՜ր զրոյցներէն մէկուն ընթացքին հարց տուինք մենք մեզի՝ ինչո՞ւ «Թուղթ Առ Երեւան»ի նման գրութիւն մը, որուն հրատարակութեան տարիներուն «տաք հացի» պէս կը սպառէր, եւ կը համարուի որպէս սփիւռքահայ գրականութեան գլուխ-գործոցներէն, այսօր գրեթէ մոռցուած է՝ մանաւանդ նոր սերունդին կողմէ», ըսաւ Ճանպազեան: