
Երեքշաբթի 24 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբը, Աւետիս Ահարոնեան սրահին մէջ հաւաքուած 85 գրասէրներու ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի կեանքն ու գործերը։
Սուրճի հիւրասիրութենէն ետք , ձեռնարկի բացումը կատարեց ակումբի ընդհանուր պատասխանատու եւ ձեռնարկի համադրիչ Տիրուկ Մանճիկեան։ Ապա ներկաները յաջորդաբար դիտեցին Զմմառի Դպրեվանքի Ժառանգաւորներուն կողմէ պատրաստուած բանաստեղծին կենսագրական տեսերիզը, եւ «Շունն ու Կատուն» տեսերիզը։
«Կաթիլ մը մեղր»ով հանդէս եկան Վարդգէս Քիւփէլեանն ու Գարեգին Կիւրիւնլեանը, իսկ «Սուտլիկ Որսկանը» ներկայացուց Յակոբ Գարայեան։
Անահիտ Պալեան ասմունքեց բանաստեղծին Քառեակներէն շարք մը, որուն յաջորդեց Աստղիկ Էսմերեանի կատարողութեամբ «Ասում են ուռին» երգը։ Ապա ներկաները միասնաբար երգեցին «Ամպի Տակից»ը, հետեւելով իրենց տրամադրուած թղթիկներուն։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Գարեգին Կիւրիւնլեանի «Հին օրհնութիւն», Յակոբ Գարայեանի «Թմկաբերդի առումը», Վարդգէս Քիւփէլեանի «Մեր Ուխտը» եւ Անահիտ Պալեանի «Հայրենիքիս հետ» կտորներու ասմունքով։ Մէջընդմէջ, ընկհ. Տիրուկ կը ներկայացնէր յաւելեալ նշմարներ Յովհաննէս Թումանեանի գրական վաստակին եւ յատկանիշներուն, անոր իբր ազգային գործիչ գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ այլ մտաւորականներու կարծիքները եւ հաճելի դրուագներով՝ մարդը եւ իր բնաւորութիւնը:
Խանդավառուած մթնոլորտէն՝ յայտագրին ասմունքով իրենց մասնակցութիւնը բերին հանդիսականներէն Նարեկ Ղազարեան, Համբարձում Փափազեան եւ Զարեհ Տոլմաճեան:
Ներկանները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն: Հակառակ ցուրտ օդին եւ գաղութիս մէկը միւսին յաջորդող ձեռնարկներու ժամանակացոյցին. անոնց թիւը եկաւ փաստելու, թէ նման գրական ձեռնարկները իրենց յատուկ գրաւչութիւնը ունին գրասէր զանգուածին մօտ։
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն