
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 7 մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը ներկայացուց «Թումանեան` երէկ եւ այսօր» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սիլվա Սողոմոնեանի:
Արդարեւ, «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը մշակոյթի եւ արուեստի ճամբուն վրայ` խանդավառելով եւ քաջալերելով պատանիները` մտնելու թատրոնի աշխարհ:
Ամենայն Հայոց բանաստեղծ եւ մանկական գիրքերու հեղինակ Յովհաննէս Թումանեանի մահուան 100-ամեակին առիթով «Արեգ»-ը ներկայացուց Թումանեանի հեքիաթներէն 10 երկեր. «Շունն ու կատուն», «Տէրն ու ծառան», «Կաթիլ մը մեղր», «Ոսկիի կարասը», «Անբան Հուրին», «Կիկոսին մահը», «Սուտասանը», «Բարեկենդանը», «Անխելք մարդը», «Պոչատ աղուէսը»: Տասնամեակներ առաջ գրուած Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներուն նիւթերը հարազատ են մեզի այսօր, որովհետեւ կ’արծարծեն մարդկային արժէքներ եւ ապրումներ: Թումանեանի հեքիաթներով միացուած էին երէկը եւ այսօրը, ուր ձեւը փոխուած էր, բայց մարդկային զգացումները, ներաշխարհն ու պոռթկումները մնացած էին նոյնը:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: