Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ

Չորեքշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժերար Աւետիսեանի «Նախնիներուն ստուերով» նիւթով խառն թեքնիք, աքրելիք եւ կտաւ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ նշեց, թէ Ժերար Աւետիսեան մեծ ներդրում ունեցած է լիբանանեան մշակոյթին եւ յատկապէս թատրոնի ու ֆիլմարուեստի զարգացման գործին մէջ: Տէրտէրեան աւելցուց, որ Աւետիսեանի ժամանակակից արուեստի գործերուն մէջ, մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, կայ յատուկ պատգամ մեզի` հայութեան, հայութեան բարեկամներուն եւ թշնամիին: