
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ «Ազդակ» օրաթերթին, Երկուշաբթի, 27 Մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 83-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր` «Ինտրա. կեանք եւ ճակատագիր»:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, ապա խօսք առաւ օրուան դասախօս փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ ներկայացուց Ինտրայի մուտքը գրականութեան մէջ, իր ստեղծած գրականութիւնը եւ կեանքի պայմանները, Ինտրայի գրական արժէքը:
Զեկուցումէն ետք ներկաները Ինտրային մասին զրոյցի ընդմէջէն ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ:
Ձեռնարկի մանրամասնութիւնները ընթերցել սեղմելով հետեւեալ link-ը.