
Շաբաթ, 22 եւ Կիրակի, 23 Մայիսին, Նեւատա նահանգի Լաս Վեկասի հայ համայնքը ապրեցաւ պատմական օրեր, վկայ դառնալով սեփական կալուածի վրայ մշակութային կեդրոնի բացման արարողութեան եւ մօտիկ ապագային կառուցուելիք Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծրագրային աշխատանքին ու վայելելով Համազգայինի "Անի" պարախումբին ելոյթը:
Շաբաթ, 22 Մայիսի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ծխական յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, Լաս Վեկասի Պետական Համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարային ելոյթ, կատարողութեամբ Համազգայինի "ԱՆԻ" պարախումբին:
Ելոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելոսի գլխաւոր հիւպատոսը՝ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Հոգշ. Տ. Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան, Ազգ. Վարչութեան նախկին ատենապետ Տիար Կարօ Յակոբեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Պատ. Ներսէս Քոփալեան եւ Պատ. Սէմ Ակիւլեան, Յոյն եւ Մարոնիթ համայնքներու հոգեւոր հայրեր եւ պատուոյ հիւրեր: Սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած էին շուրջ հինգ հարիւր յիսուն մշակութասէր հանդիսատեսներ:
Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ատրուշան Արմէնեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր գնահատանքի խօսքին մէջ մշտանորոգ կենսունակութիւն մաղթեց գաղութին ու պարախումբին:
Կիրակի, 23 Մայիսի առաւօտեան ժամը 11-ին խանդավառութիւն կը տիրէր Տէզըրթ Ին պողոտային վրայ: Եկեղեցւոյ մուտքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաս Վեկասի "Արցախ" Մասնաճիւղի սկաուտները ժպիտով կը դիմաւորէին գաղութի անդամները: Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, եւ ի ներկայութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեանի, Հոգշ. Տ. Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի, Ազգ. Վարչութեան նախկին ատենապետ Տիար Կարօ Յակոբեանի, ծխական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ատրուշան Արմէնեանի եւ յանձնախումբի միւս անդամներուն, ինչպէս նաեւ գաղութի քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու, մեր Թեմի Երիտասարդաց Միութեան ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Հայ Մշակութային Կեդրոնին ու յատկապէս սրահին բացման արարողութիւնը:
Այս առթիւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը: Սրահին բացման առիթով, գնահատագիր մը փոխանցեց Ծերակուտական Տիար Հէրի Ռիտի ներկայացուցիչը:
Բացման արարողութենէն ետք եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Սուրբ խորանին կը սպասարկէին Հոգշ. Տ. Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան եւ Լոս Անճելըսէն ժամանած երիտասարդ սարկաւագները: Երգեցողութիւնը կատարեցին համայնքի դպրաց դասը եւ Առաջնորդարանիս "Լուսաւորիչ" երիտասարդաց երգչախումբի անդաները, ղեկավարութեամբ Բրշ. Զօհրապ Սրկ. Եարալեանի: Աղօթակից էին Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Պատ. Ներսէս Քոփալեան եւ Պատ. Սէմ Ակիւլեան: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսը, եկեղեցւոյ եւ կալուածի բարերարը՝ Տիար Լէրի Պարնզ, Ազգ. Վարչութեան նախկին ատենապետը, ծխական յանձնախումբի անդամները, գաղութի քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Իր քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը օծեց առժամեայ խորանին վրայ դրուած վէմքարը: Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, Առաջնորդ Սրբազանը եւ եկեղեցւոյ բարերարը կատարեցին մուտքի յուշատախտակի բացումը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատիքով խօսեցաւ լաս-վեկասաբնակ Տիար Լէրի Պարնզի մասին, որ ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, 400,000 (չորս հարիւր հազար) տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ մը գաղութին երազը իրականութեան վերածեց եւ նպաստեց այս կալուածին ձեռքբերման:
Աւարտին բոլոր ներկաները միասին երգեցին Հայաստանի քայլերգը, "Կիլիկիա" ու "Ի վեհ բարձանց" մաղթերգները: Պաշտօնական արարողութիւններէն ու Ս. Պատարագէն ետք, կազմակերպութեամբ ծխական յանձնախումբին եւ եկեղեցասէր տիկնանց միութեան, եկեղեցւոյ մօտակայ Լաս Վեկասի National Golf Club-ի մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ: Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին յաջորդաբար ծխական յանձնախումբի ատենապետը՝ Տիար Ատրուշան Արմէնեան, Ազգ. Վարչութեան նախկին ատենապետ Տիար Կարօ Յակոբեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան: Ապա կտրուեցաւ կարկանդակը, որմէ ետք Ազգ. Առաջնորդարանի "Լուսաւորիչ" երիտասարդական երգչախումբի անդամները քանի մը երգերով ծաղկեցուցին մթնոլորտը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ յայտնեց, թէ ընդառաջելով իր ու Ազգային Վարչութեան խնդրանքին, Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ բարերարին իշխանական նուիրատուութեան, անոր կը շնորհէ "Կիլիկեան Ասպետ"ի շքանշանը: Առաջնորդ Սրբազանը բեմ հրաւիրեց Տիար Լէրի Պարնզը եւ շքանշանով զարդարեց անոր լամբակը՝ կուրծքը: Մեծարեալը, իր կարգին խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իրեն շնորհած այս մեծ պատիւին ու կոչումին համար, նաեւ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ գաղութի անդամներուն, իրեն հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին ու սիրոյն համար:
Սիրոյ ճաշը խանդավառութիւն ստեղծեց նաեւ այլ երեսով. Աւելի քան հարիւր հազարի նուիրատուութիւն հաւաքուեցաւ ի նպաստ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինարարական ֆոնտին: