
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» պալէի ներկայացման նպատակին համար, նուիրահաւաքի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ին, «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ, մասնակցութեամբ շուրջ 100 մշակութասէր բարեկամներու:
Ծրագիրին գլխաւոր նախաձեռնողն էր համազգայնական Կատիա Քուշերեան: Ընկերուհին Շանթի 150-ամեակին առթիւ կ՛ուզէր իրականացած տեսնել իր կեանքի երազներէն մին՝ Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղին պալէի մշակումով ներկայացումը: Իր այս փայփայած երազին իրականացման համար, ինք եւ քոյրը՝ Վարդուհի Քուշերեան որոշած էին նախակարապետը ըլլալ եւ իրենց անձնական խնայողութենէն 27,000 տոլարի նուիրատուութեամբ սկիզբ դրուեցաւ այս մեծածախս եւ պանծալի ծրագիրին: Սոյն նախաձեռնութեան իրագործման համար, անոնք դիմած էին երաժիշտ Վաչէ Շարաֆեանին, որ կատարած է պալէին երաժշտութեան յօրինումը եւ Միքայէլ Շարաֆեանին, որ արդէն կատարած է տարազներու ձեւաւորումը: Այս գեղեցիկ ծրագիրին կնքահայրութիւնը սիրայօժար կերպով ստանձնած էր Համազգայինը, իր աջակցութեամբ կազմակերպելով այդ օրուան ընթրիք-հաւաքոյթը: