
Ժամանակակից հայ թատրերգութիւնը խթանելու միտումով, 2013 թուականի սկիզբը տեղի ունեցած «Լեւոն Շանթ» մրցանակաբաշխութեան 13 լաւագոյն թատերախաղերը տեղ գտած են հաստափոր ժողովածուի մը մէջ: «13 Պիես» ժողովածուն լոյս տեսած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հրատարակութեամբ:
Գիրքի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին տարբեր ոլորտներ ներկայացնող արուեստագէտներ, մշակութային-հասարակական գործիչներ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նշեց, որ ամէն անգամ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութենէն հրաւէր ստանալուն կ՛ակնկալէ, որ անիկա ըլլայ որեւէ հոգեւոր եւ խորքային իրադարձութեան առնչուող նախաձեռնութիւն:
«2012 թուականին, երբ Հայաստանը նշեց հայ գրատպութեան 500ամեակը, ակտիւացան գրական գործընթացները՝ մեր ընթերցողին յանձնելով բազմաթիւ հետաքրքիր գրքեր: Եւ գրքերն ստեղծուելու համար յաճախ մի հսկայական ճանապարհ են անցնում մրցոյթների, ծրագրերի ձեւով: Եւ այս շարքում այս մրցանակաբաշխութիւնը չափազանց կարեւոր է»,- յայտնեց Պօղոսեան՝ ընդգծելով, որ «Լեւոն Շանթ» մրցանակաբաշխութիւնը կը կամրջէ գրականութիւնն ու թատրոնը: Ան պարզ զուգադիպութիւն չնկատեց այն, որ այս իրադարձութիւնը տեղի կ՛ունենայ Թատրոնի միջազգային օրուան նախաշեմին:
«Մենք պէտք է արժեւորենք գրողին ոչ միայն որպէս գրականութեան ոլորտի մասնագէտի, այլեւ որպէս, առաջին հերթին, թատրոնի նախաստեղծողի: Այսօր չենք կարող չյիշել, որ «Գլոբուս» թատրոնի ստեղծման նախապատճառը Շեքսպիրն էր: Չենք կարող չյիշել, որ ՄԳԱԹը ստեղծեց Չեխովը. այս օրինակները բազմաթիւ են»,- յայտնեց նախարարը:
«Լեւոն Շանթ» մրցանակաբաշխութեան դատական կազմի անդամ Լիլիթ Գալստեան՝ ներկայացնելով կատարուած աշխատանքը, նշեց, որ ընդամէնը մէկ տարի առաջ յայտարարուեցաւ «Լեւոն Շանթ» մրցանակաբաշխութեան մասին: «Մենք յայտարարեցինք մրցանակաբաշխութեան մասին՝ նպատակ ունենալով խթանել հայ թատրերգութեան զարգացման ընթացքը, բացայայտել այս ժանրում ստեղծագործող նոր անունների, հասկանալու, թէ մեր թատրերգութեան ընթացքն ուր է գնում եւ, ի վերջոյ, հայ բեմին փորձել փոխանցել նոր հայեացքով, նոր ասելիքով թատրերգութիւն»,- ըսաւ Գալստեան:
Անոր համաձայն՝ թատրոնը կը շարունակէ մնալ անկեղծութեան, մարդու հետ խօսելու ամէնէն ճշմարիտ առանցքը: «Հայ թատրոնը նոյնիսկ պետականութեան բացակայութեան ժամանակներում իսկապէս ինստիտուցիոնալ դեր է խաղացել»,- նշեց ան։
Տիկնիկային թատրոնի տնօրէն Ռուբէն Բաբայեան եւս նշեց, որ «Լեւոն Շանթ» թատրերգութեան մրցանակաբաշխութիւնը հրաշալի նախաձեռնութիւն է, որ պէտք է շարունակութիւն ունենայ:
«Ցանկացած գործ արժէքաւորւում է այն ժամանակ, երբ այդ գործի կենտրոնում մարդն է»,- յայտնեց Բաբայեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով գործընկերներուն եւ կազմակերպիչներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ ժողովածուի հրատարակումը կ՛ըլլայ հետագայ աշխատանքին սկիզբը:
«13 Պիես» ժողովածուին մէջ ներառուած են Արտաշէս Արամի, Հրաչ Բեգլարեանի, Գարեգին Գրիգորեանի. Սամուէլ Խալաթեանի, Գուրգէն Խանջեանի, Կարինէ Խոդիկեանի, Սամուէլ Կոսեանի, Սուսաննա Յարութիւնեանի, Յուշիկ Ղազարեանի, Արտաշէս Շահբազեանի, Անոյշ Քոչարեանի, Արմէն Ճգնաւորեանի եւ Էլէոնորա Ներսիսեանի թատերախաղերը:
Ժողովածուն կազմած եւ խմբագրած են Լիլիթ Գալստեանը եւ Ֆելիքս Մելոյեանը: Նկարիչ-ձեւաւորողն է Մկրտիչ Մաթեւոսեանը: