
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին եւ «Բագին» գրական թերթի խմբագրութեան, Հինգշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ գրասէրներու եւ գրողներու հանդիպում մը հայրենի գրականագէտ փրոֆ. Կիմ Աղաբեկեանի հետ։
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սեդա Խտըշեան, որ նշեց, թէ «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ակումբը լիբանանահայ արուեստասէր եւ արուեստագէտ հասարակութեան կեդրոնն է։ Խտըշեան շեշտեց, որ գրականագէտ Կիմ Աղաբեկեանին ներկայութիւնը գաղութին մէջ օգտաշատ է եւ այս մտերմիկ հանդիպումը կը միտի աւանդական ձեռնարկներէն անդին հարազատ մթնոլորտի մէջ քննել հայ գրականութիւնը յուզող հարցերը։
Ապա խօսք առաւ փրոֆ. Կիմ Աղաբեկեան, որ հաստատեց, որ հայութիւնը մէկ, ամբողջական եւ միասնական գրականութիւն ունեցած է եւ ունի։ Ան նշեց, որ հայ գրականութեան երկու ճիւղերը ունին միեւնոյն նպատակը՝ քննարկումներու եւ այլ տարբեր ձեւերով ազգային ոգիին բիւրեղացումը։
Կիմ Աղաբեկեան յայտնեց, որ ուղղագրական խնդիրներուն խորքը քաղաքական է, որուն մեկնակէտն է խորացնել հայութեան հատուածներուն տարանջատումը։ Ան ըսաւ, թէ հայերը ունին նոյն երազը եւ կարօտի ներքին ձայնը, որ ամէնուրեք նոյնն է։ Ապա Աղաբեկեան խօսեցաւ արեւմտահայերէնի արժէքին ու կարեւորութեան մասին։ Կիմ Աղաբեկեան յայտնեց, որ հայ գրականութեան ընդհանուր նկարագիրը ազգային է եւ այդ գրականութեան արժէքը կը կայանայ իր իւրայատկութիւններուն մէջ։
Հայրենի գրականագէտը նշեց, որ տեսանելի կամ անտեսանելի ընկերութիւններուն տրամադրութիւններէն կախեալ է գրողի մը բարձրացումը կամ նահանջը, ինչ որ ենթակայական է եւ գրականութեան որակին պահպանման յարիր չէ։ Կիմ Աղաբեկեան խօսեցաւ նաեւ օտարամոլութեան երեւոյթին մասին, երբ մէջբերումներ կատարեց հայ գրողներու մտորումներէն՝ աւելցնելով, որ պէտք է ամէն տեղ պահպանուին հայկական արժէքները։
Զրոյցի ընթացքին հայրենի հիւրը ներկայացուց իր դիտարկումները Հայաստանի մէջ երիտասարդ գրողներու որակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, թարգմանական գրականութեան, ընթերցանութեան երեւոյթին նահանջին, գրաքննադատներու իրավիճակին, գրողներու գործերու արժեւորման չափանիշերուն եւ այլ խնդիրներու մասին։
Մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին, ներկաները իրենց հարցումներով եւ տեսակէտներով ստեղծեցին գրական իւրայատուկ մթնոլորտ՝ քննութեան առարկայ դարձնելով գրական շրջանակը յուզող շարք մը հարցեր։