
Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցասրահի հիմնադիր, արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի իւղանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկին խօսք առաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Լիւսի Թիւթիւնճեան իր անուան սրահի բացումէն` Նոյեմբեր 2009-էն ի վեր գոհունակութեամբ կը հետեւի ցուցասրահի աշխատանքներուն:
Հաւաթեան ըսաւ, որ Թիւթիւնճեան Համազգայինի երդիքին տակ հիմը դրաւ կառոյցի մը, որ բոլորին հաւաքական ջանքերուն շնորհիւ այսօր կը գոյատեւէ եւ գոհացուցիչ արդիւնքներ կու տայ: Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին ցուցասրահին:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր կարգին յայտնեց, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը լիբանանահայ արուեստագէտներու համախմբման կեդրոնն է, ինչ որ քաջալերական է ու մխիթարիչ: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան անձ մըն է, որ իր կեանքին ընթացքին տարբեր մարզերու մէջ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնած է լիբանանահայութեան:
Արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի թոռը` Կարէն Թիւթիւնճեան ներկայացուց գեղանկարներու հեղինակը եւ նշեց, որ գնահատելի է ցուցասրահին մէջ տարուած աշխատանքը: Վերջապէս, խօսք առաւ Լիւսի Թիւթիւնճեան, որ նշեց, որ ինք իր գեղանկարներուն ընդմէջէն ներկայացուցած է բնութիւնն ու մարդը` իրենց բոլոր երեսներով: Թիւթիւնճեան յայտնեց, որ ցուցասրահը երիտասարդ ուժերու գեղանկարներու ցուցադրութեան բեմ պէտք է ըլլայ, որպէսզի անոնք հետագային դառնան լիբանանահայ գեղանկարչութեան ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ ցուցահանդէսին Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցադրած է 31 ստեղծագործութիւններ, որոնք կը կրեն «Գեղեցկութիւն եւ պարզութիւն», «Լիբանանեան սարալանջ», «Վերջին փորձը», «Ընտանիքի վերամիացում» եւ այլ անուններ: Գեղանկարները գոյներու ճոխութեամբ կը ներկայացնեն մարդ անհատին ապրումներն ու ապրելակերպը, ինչպէս նաեւ բնութիւնն ու բնակավայրերը:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 17 Մայիս 2011, Երկուշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: