
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 80րդ տարեդարձին առիթով, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հայ Գիրի ու Դպրութեան նկատմամբ իր հոգածութիւնը առաւել եւս առարկայական դարձնելու մտածումէն մեկնած՝ հայ գրասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ
«Ծաղկաքաղ Արեւմտահայ Գրականութեան»՝ խմբագրութեամբ Պօղոս Սնապեանի
եւ
«Ծաղկաքաղ Սփիւռքահայ Գրականութեան»՝ խմբագրութեամբ Յարութիւն Քիւրքճեանի:
Զոյգ հատորները հրատարակուեցան մեկենասութեամբ Պայթարեան եղբայրներուն, ի յիշատակ իրենց հօր եւ հօրեղբօր՝ Հայկ եւ Յովհաննէս Պայթարեաններուն եւ անոնց սերնդակիցներուն, որոնք հայրենազուրկ դարձած՝ եղբայրացան որբութեան մէջ եւ դաստիարակուեցան մեծ ուսուցիչներու շունչին տակ:
Հատորները կարելի է ստանալ Համազգայինի գրախանութէն (01-241263) կամ գրել գրախանութի հասցէին.- imphamaz@inco.com.lb :