Վահէ Սէթեան տպարան

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, երկրորդ հրատարակութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» գիրքը, որ հեղինակին կողմէ յուշապատում մըն է, ուր կը նկարագրէ Եոզկատի շրջանի գիւղերուն մէջ ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը եւ ցեղասպանութենէն ետք հայ բնակչութեան պարզած վիճակը, ապա կը փոխանցէ որբանոցներուն մասին համապարփակ տեղեկութիւններ լիբանանահայ գաղութի մէկ կարեւոր թաղին՝ Էշրէֆիէի հաստատման, ազգային կեանքի կազմակերպման ու շրջանի եկեղեցական, կրթական եւ միութենական կառոյցներու մասին լայն նկարագրութիւն: