ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

«Ասպարէզ» օրաթերթ.- Չորեքշաբթի, 1 Մայիս 2019-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան քաղաքին կողմէ պատուագիր մը յանձնեց Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան՝ գնահատելով միութեան ծառայութիւնը հայ մշակոյթի ծանօթացման ու զարգացման գործին:
Համազգայինը համահայկական կառոյց ունի: Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ, Համազգայինը հիմնուած է 1968-ին։