Եւրոպա

Շաբաթ, 3 Ապրիլ 2021-ին, Զատկուան տօնին առթիւ, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը կազմակերպեց «Հաւկիթ կը ներկեմ»՝ փոքրերու առցանց աշխատանոցը, որուն մասնակցեցան աւելի քան տասնեակ մը ծնողներ իրենց երեխաներուն ընկերակցութեամբ:
Մայիս 2021-ին, մասնաճիւղը նախաձեռնեց մանուկներու համար Այբուբենի գունաւոր որմազդի պատրաստութեան եւ զայն ուղարկեց հայկական դպրոցներուն եւ մշակութային հաստատութիւներուն: Որմազդը պատրաստեց Թալին Պալըքճեան Բեշտիմաճեան: