
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2008-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 93-ամեակի ոգեկոչման գեղարուեստական երեկոյ՝ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներու շարքին արդէն աւանդութիւն դարձած են Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ ոգեկոչման գեղարուեստական երեկոները, որոնք կը միտին արուեստի ճամբով վառ պահել մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Ան աւելցուց, որ այս ձեռնարկը տարբեր է միւսներէն իր իւրայատուկ ոճով ու ներկայացումներով: Ան նաեւ հաստատեց, թէ Համազգայինը իբրեւ մշակութային միութիւն մշակոյթի ճամբով կը հետապնդէ Հայ դատը:
Բացման խօսքէն ետք Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերական միաւորը ներկայացուց խմբային ասմունք մը, ապա «Գայիանէ» պարի դպրոցը ներկայացուց «Երեքնուկ» պարը: Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսանող Աբիկ Չոլաքեան, որ դաշնամուրով նուագեց Սայաթ Նովայի «Քամանչա»ն:
Կոմիտասի «Կռունկ»ը նուագեցին Արեգ Տաքեսեան (թաւջութակ) եւ Մարիա Փալազեան (դաշնամուր): Նուագէն ետք «Գուսան» երգչախումբը կատարեց «Բարով եկար սիրուն կռունկ», «Քրիստոսի մէջ», «Սուրբ սուրբ», «Ձիւն է գալիս», «Տէր ողորմեա°», «Խաղաղ գիշեր է» եւ «Հոպնարին» երգերը:
Ապա բեմ բարձրացաւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը, որ երգեց «Հայրենի կարօտ» եւ «Ծիլն արեւին» երգերը: «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ջութակահարներու համոյթը նուագեց «Սարապանդ» երաժշտական կտորը, որմէ ետք Յաւերժ Շխրտըմեան ասմունքեց «Ապրի°ս տղաս» եւ «Մետաքսէ» կտորները:
Յայտագիրը փակուեցաւ «Գայիանէ» պարի դպրոցին «Սարդարապատ» պարով:
Նշենք նաեւ, որ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտները՝ ցեղասպանութեան 93-ամեակին նուիրուած գծագրութիւններով: