
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի եւ «Մուֆլոն» գրախանութի կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի 3 Յունիս 2019-ին Նիկոսիոյ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուզըն Փէթիի «The Armenain Volunteers – Sacrifice and Betrayal During World War I»։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի իր կարճ բացման խօսքով ներկայացուց Սուզըն Փէթին, յայտնելով, որ ան իր մարդաբանութեան տոքթորան ստացած էր Միշիկընի համալսարանէն եւ ներկայիս ան պատուակալ Փորձագէտ էր Լոնտոնի «Եունիվըրսիթի Քոլէճ»ին մէջ։ Ապա խօսքը տրուեցաւ հեղինակ Սուզըն Փէթիին, որ պատմական նկարներու ճոխ հաւաքածոյի մը օժանդակութեամբ ներկայացուց գիրքին նիւթը։
Ան նախ պատմեց գիրքի մտայղացման ու ծնունդին, ինչպէս նաեւ փորձագիտական եւ թարգմանական աշխատանքներուն մասին, ապա ներկայացուց կամաւորներուն հայրենասիրական մղումներն ու երազները եւ թէ ի՛նչպէս ֆրանսացիներն ու բրիտանացիները դաւաճաանեցին, անոնց պապենական հողերը զիջելով նորաստեղծ թրքական հանրապետութեան։ Հեղինակը բացատրեց, որ գիրքին մէջ մեծ պետութիւններու յարաբերութիւնները ներկայացուած են դիտանկիւնէն փոքր ժողովուրդի մը, որ բռնուած էր իրեն չպատկանող պատարազմի մը մէջ եւ որ սակայն ոչնչացուցած էր անոր հարազատ հայրենի աշխարհը։
Երեկոն փակուեցաւ գինիի հիւրասիրութեամբ եւ գիրքերու վաճառքով ու մակագրութեամբ հեղինակին կողմէ։