
Ուրբաթ, 8 Փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի «Ծաղկած ցաւ» գիրքին գինեձօնը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սեդա Ունճեան-Խտըշեան: Ան ըսաւ, թէ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը ո՛չ միայն մեծ դաշնակահարուհի է, այլ նաեւ բանաստեղծուհի, որ ունի բանաստեղծութիւններու վեց ժողովածուներ: Կամիլան ծնած է Երեւան: Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ ասպիրանտուրան` 2003 թուականին: 1993-ին դափնեկիր է Առնօ Պապաճանեանի անուան դաշնակահարներու մրցումին: 1999-ին արժանացած է «Ռուբէն Սեւակ» գրական մրցանակին (Երեւան) եւ «Սեպուհ Սարգսեան» համահայկական գրական մրցանակին` 2003-ին, Քալիֆորնիա: Կամիլան Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ է 2003-էն սկսեալ:
Սեդա Ունճեան-Խտըշեան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ Կամիլայի գիրքերէն գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Երեւանի հայկական մանրանկարչութեան կեդրոնի հիմնադրամին:
Խօսք առաւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան: Ան խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան, գիրքի մեկենասին եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չեն խնայած գիրքի տպագրութեան ու հրապարակման աշխատանքներուն առումով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանին, որուն կը պատկանի գիրքի կողքին պատկերը:
Ապա գիրքը ներկայացնելով ըսաւ, թէ գրել կը նշանակէ մտնել սրբազան խորան...: