
Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը կեանքի կոչեց «Կապոյտ տնակ» աշխատանոցը,փոքրերուն՝ հայ լեզուն եւ մշակոյթը հասանելի դարձնելու համար։
Ընդառաջելով երիտասարդ ծնողներու խնդրանքին, մասնաճիւղս, հակառակ COVID- ի անորոշ վիճակին, մշակեց այս ծրագիրը։ Սոյն ծնողները,ժամանակին, յաճախած էին շաբաթօրեայ հայկական վարժարանի դասընթացքներ եւ կը փափաքէին բերել իրենց զաւակները Հայ Մշակոյթի տուն:
Սեպտեմբեր 2021-էն իվեր,Կապոյտ տնակ արձանագրուեցան14 երեխաներ, 2-էն 7 տարեկան: Աշխատանոցը տեղի կ'ունենայ ամէն Շաբաթ օր, ժամը 15:30-էն 17:30-ին, Փարիզի հայ մշակոյթի տունը: Երեխաները կը զարգացնեն իրենց երեւակայութիւնը մանկական երգերով, խաղերով, երաժշտութեամբ եւ ձեռային աշխատանքներով։
Ներկայիս ունինք մանկավարժ ուսուցիչ եւ աշխատանոցի զբաղումները վարող պատասխանատու մը, որոնց կ'ընկերանան չորս հայախօս երիտասարդ Ճեմարանաւարտ օգնականներ, վարչական խորհուրդի անդամներու հսկողութեան տակ:
Երեխաները ուրախութեամբ կու գան ամէն շաբաթ օր եւ խանդավառ կը մասնակցին աշխատանքներուն: Յոյսով ենք, որ առողջապահական վիճակը արգելք չի հանդիսանար շարունակելու համար ծրագիրը: