
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 17 Մայիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերու տարեկան ելոյթը՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, համազգայնականներու, ծնողներու եւ արուեստասէրներու:
Ելոյթի առաջին բաժինով բեմ բարձրացաւ «Կարկաչ»ի պատանեկան երգչախումբը, որ Տիգրան Մանսուրեանի 70-ամեակին առիթով երգեց «Երկիր իմ, Հայաստան»ը, Ռոպերթ Ամիրխանեանի 70-ամեակին առիթով՝ «Հայի աչքեր»ը, Կոմիտասի 140-ամեակին առիթով՝ «Կոմիտասեան խճանկար»ը, իսկ Գրիգոր Շահինեանի յիշատակին՝ «Իմ ուսուցիչը», «Կարապ»ը, «Խոզուկին գանգատը» եւ այլ երգեր:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ»ի մանկական երգչախումբը, որ երգեց Սուրէն Մուրատեանի «Մայրիկն այսօր ուշացեր է» երգը, որուն երաժշտութեան հեղինակն է Հռիփսիմէ Խրիմեան: Երգչախումբը նաեւ այլ երգերու շարքին երգեց «Մկնաշխարհի ծակ ու ծուկը», «Մասրենի»ն եւ «Փայտփորիկի երգը», որոնց երաժշտութիւնը մշակած է Ստեփան Շաքարեան:
Այս բաժինի աւարտին ժողովրդական երգերով մանկական երգչախումբին ընկերացան Մարիա Թոսունեան (շուի), Հրակ Փափազեան (տուտուկ) եւ Արամ Փափազեան (տհոլ): «Կարկաչ» երգչախումբին դաշնակով կþընկերակցէր Կամիլա Քեշիշեան:
Ապա «Կարկաչ»ի պատանեկան երգչախումբը անգամ մը եւս բեմ բարձրացաւ եւ երգեց Ստեփան Շաքարեանի յօրինումներէն երգեր, որոնց մեծամասնութեան բառերուն հեղինակն էր Եուրի Սահակեան: Յայտագիրի աւարտին «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերը միասնաբար ներկայացուցին «Հայկական ժողովրդական երգաշար»ը:
Այս ելոյթին համար Հայաստանէն հրաւիրուած էր երաժշտահան Ստեփան Շաքարեան, որ իր ստեղծագործած քանի մը երգերուն կատարեց դաշնակի ընկերակցութիւնը: Յայտագիրի ընթացքին նաեւ Շաքարեան նուագեց երկու ստեղծագործութիւն:
Նշենք, որ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քեշիշեան Ստեփան Շաքարեանի՝ «Կարկաչ»ին հետ գործակցութեան առիթով ենթակային յանձնեց յուշանուէր մը՝ առ ի գնահատանք իր աշխատանքին: