Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Շաբաթ 28 Յունուար 2023-ին, նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, ղեկավարութեամբ Տիկ. Նեկտար Թիւմպէրեան Փալազեանի, տեղի ունեցաւ «Կաքաւիկ» մանկապատենական երգչախումբի առաջին աշխատանքային հանդիպումը, «Ռ. Նագեան» գեղարուեստի ակադեմիայի յարկին տակ։
Երգ, երաժշտութիւն֊ ժպիտ ու արուեստ, շնորհք ու աշխատանք իրարու միացան շարունակելու եւ միշտ վառ պահելու կրակը` գեղեցիկին ու մշակոյթին, աւանդութեան ու հայ ինքնութեան։