
Այսպէս վկայեց 98-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդական աւիւնով լեցուն, ու մի՛շտ խանդավառ, Սփիւռքահայ գրականութեան նահապետ, գրեթէ ամբողջ ութ տասնամեակ անդուլ ծառայած ու ստեղծագործած Ժագ Ս. Յակոբեան, երբ իրեն առիթ տրուեցաւ խօսք առնելու իր մեծարման առթիւ:
Շաբաթ, 7 Փետրուար 2015-ին, Համազգայինի թատերական երկրորդ փառատօնի Կալայի գիշերը` «Շխոնց Միհրան»ի ներկայացումէն առաջ, Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, Համազգայինի բարձրագոյն պատուոյ շքանշանի տուչութիւն կատարուեցաւ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս այնքան բեղմնաւոր եւ արգասաբեր գրիչի տէր յայտնի բանաստեղծ, արձակագիր եւ մտաւորական՝ Ժագ Ս. Յակոբեանին:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Դոկտ.Վիգէն Եագուպեան խօսք առնելով արագ ակնարկ մը նետեց մեծարեալին գրական հունձքին եւ ներկաներուն վկայեց, թէ «Աւելի քան 77 տարիներու գրական վաստակ ունեցող, Ժագ Ս. Յակոբեան, 1938-ի իր առաջին բանաստեղծական հրատարակութեամբ յուշած էր բոլորին, իր գրիչով յաւիտեան միաձուլուելու իր պաշտած ազգին հետ: Կը հաւատամ, որ օր մը Ժագ Ս. Յակոբեանի հիւսած երգերն ու երկերը, որոնք կը խորհրդանշեն սփիւռքեան փորձառութեան բազմագոյն խճանկարը, իրենց դերակատարութիւնը պիտի ունենան սփիւռք-Հայաստան արմատներու վերահամադրման կարեւոր ընթացքին մէջ»,- եզրափակեց ան:
Ապա ան բեմ հրաւիրելով Ժագ Ս.Յակոբեանը, անոր կուրծքին զետեղեց Համազգայինի Պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը:
Մեծարեալը ոգեշնչուած, երախտագիտական խօսքերով իր գոհունակութիւնը յայտնեց, նա՛խ Աստուծոյ, ապա հայ ժողովուրդին եւ մանաւա՛նդ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, որ այս պատիւին արժանացուցած էր զինք, «Կեանքիս ամէնէն երջանիկ պահերէն մէկն է, որ կ'ապրիմ» վկայելով:
Ներկաները ծափողջոյններով իրենց սէրն ու գնահատանքը յայտնեցին այս տաղանդաշատ գրագէտին, որ ներշնչուելով, ներկաներուն ասմունքեց իր հեղինակած «Հինգ տարեկան մանչուկս այսօր» ոտանաւորը:
Հանդիսականները ուշի ուշով հետեւեցան, այնքա՜ն ապրումով բանաստեղծին գրիչէն բխած ու բերնով արտասանուած յուզիչ տողերը, որոնք հայ մարդուն բնորոշ՝ ազգային երակներուն դպչող, օտարացման հաւանական վտանգի ազդանշաններն էին, իրենց զաւակները օտար վարժարան առաջնորդող ծնողներուն, որոնք այլընտրանք չունէին:
Ժագ Ս. Յակոբեան իր տարերքին մէջ էր: Ան այլ առիթներով պարգեւատրուած էր զոյգ վեհափառներուն կողմէ, բայց այս մէկը առանձնայատուկ արժէք ունէր, յատկապէս այն պատճառով, որ թատերական փառատօնի մը ընթացքին իր «Կռունկը կը կանչէ» տրամային, ինչպէս կը սիրէր անուանել այդ գործը, վերյուշը կ'ապրէր, զայն համարելով իր կեանքի բախտորոշ մէկ հանգրուանին ապրած փորձառական եւ հոգեբանական ինքնակենսագրութիւնը:
Ահաւասիկ այլ փառաւոր էջ մը, որ կը հարստացնէ Համազգայինի գանձարանը:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային Վարչութիւն