
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիթառի եւ լարային քառեակի համերգ` գեղարուեստական խմբավարութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտ եւ ներկայիս ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի:
Քառեակի խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեան անցնող տարիներուն միջազգային մակարդակներու վրայ արժանացաւ բարձր մրցանակներու: Այս տարի անոր աշակերտները պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեցին հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած երաժշտական մրցանքին:
Կիթառի եւ լարային քառեակը հիմնուած է 2008-ին` ներկայիս անոր անդամ Օնտին Պրիզիանուի կողմէ: Քառեակի չորս օտարերկրացի արուեստագէտները անդամ են Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին: Անոնք աւարտած են Ռումանիոյ եւ Հոլանտայի բարձր մակարդակի երաժշտանոցները: Խումբը բազմաթիւ առիթներու հանդէս եկած է Լիբանանի տարբեր տեսակի պետական փառատօներուն: