
Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի Ա. եռամսեակի երկրորդ դասանիւթը՝ Կիները հայ գրականութեան մէջ (Ա.), ներկայացուեցաւ Շաբաթ 18 Յունուար 2020-ին։ Դասախօսն էր Վիգէն Թիւֆէնքճեան, որ նախ հակիրճ ակնարկով մը նշեց այն պատմական եւ ընկերային պայմանները, որոնց մէջ կը կը ծաւալէր ֆեմինիզմը Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ։ Դասախօսը ապա ներկայացուց առաջին հայ ֆեմինիստ լրագրողը՝ Ելպիս Կեսարացեանն ու անոր գործը։
Անդրադառնալէ ետք 19-րդ դարու վերջաւորութեան լոյս տեսած կարգ մը վէպերու ու պատմուածքներուն մէջ՝ ինչպէս Տիգրան Կամսարականի Վարժապետին աղջիկը, Երուխանի Ամիրային աղջիկը եւ Գրիգոր Զօհրապի նորավէպերը, կին տիպարներու պատկերացումին, Թիւֆէնքճեան ապա կեդրոնացաւ Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլ) կեանքին ու հանրային գործունէութեան վրայ, որպէս եռանդուն ջատագովը երիտասարդ հայուհիներու ուսման։ Յաջորդաբար, դասախօսը ներկայացուց Զապէլ Ասատուրի պատմուածքներէն մէկ քանին, որմէ ետք ուսանողները քննարկեցին հեղինակին «Անկեղծ ֆէմինիզմ» երկխօսութիւնն ու այնտեղ երեւցող կնոջ կերպարը։
Դասին երկրորդ մասով, ուսանողները ծանօթացան առաջին հայ վիպագիր կնոջ Սրբուհի Տիւսաբի կեանքին ու հասարակական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ անոր երեք վէպերուն՝ Մայտա, Սիրանոյշ եւ Արաքսիա կամ վարժուհին, որոնց մէջ հեղինակը կը պատկերէ այրի եւ առանձին կիներու անձկութիւնները, բռնի ամուսնութիւններու ենթարկուած կիներու դժբախտութիւններն ու մանուկներու դաստիարակութեան խնդիրները։
Վերջապէս, ուսանողները անցան գրաւոր աշխատանքի եւ օրուան նիւթին մասին իրենց հակազդեցութիւններն ու մտածումները շարադրեցին Սրբուհի Տիւսաբին ուղղուած նամակներով, որոնցմէ ոմանք ընթերցուեցան դասապահի ընթացքին։