Եւրոպա

Երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս կիպրահայ համայնքին մեր մշակոյթը մատչելի դարձնելու նպատակով, Համազգայինը Կիպրոսի մէջ տարիներէ ի վեր լծուած է յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքի, դիմելով զանազան միջոցներու։
Այս միջոցներէն մէկը՝ հիմնականը կրնանք ըսել, պարարուեստն է, որուն ճամբով հետզհետէ կրցանք մեր պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը խմբել, եւ զանոնք պահել հայկական պարի ու երաժշտութեան մթնոլորտին մէջ։
Մօտ օրէն՝ Նոյեմբերի 21-ին, տեղի պիտի ունենայ մեր պարախումբերու տարեկան ձեռնարկը Ստրովոլոսի քաղաքապետարանի հանդիսասրահին մէջ, եւ առ ի պատրաստութիւն այս կարեւոր ձեռնարկին, Հոկտեմբեր 31-ին Լիմասոլի մէջ տեղի ունեցաւ մեր երեք պարախումբերուն ընդհանուր փորձը, որ միեւնոյն ատեն ծառայեց որպէս իրարու ծանօթացման առիթ։
Նկարին մէջ կ՛երեւի մեր տարիներու աշխատանքին արդիւնքը։ Երեք քաղաքներու պարախումբերը շարուած ուս-ուսի եւ հպարտօրէն բռնած՝ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները - Նիկոսիայի «Սիփան», Լիմասոլի «Կիլիկիա» եւ Պաֆոսի «Անի» պարախումբերը, իրենց հետ ունենալով վարչութեան, յանձնախումբերու անդամներ, պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանը եւ հպարտ ծնողներ։
Համազգայինի Կիպրոսի կազմը վճռած է այս նուիրական գործը շարունակել ի գին ամէն զոհողութեան, վստահելով կիպրահայ համայնքի եւ անոր զանազան կառոյցներուն զօրակցութեան եւ քաջալերանքին։