
Ահա՛ դարձեալ Ֆրեզնոյի աստղը կը փայլփլի: Այս անգամ Համազգայինի աստղը: Այսպէս, Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը հրաւիրած էր Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը: Համերգը տեղի ունեցաւ Հայ Երիցական եկեղեցոյ մէջ, Շաբաթ 16 Փետրուար 2019-ին:
Հակառակ տեղացող անձրեւին եւ երթեւեկի դժուարութեան՝ կարելի եղաւ ձեռնարկը յաջողցնել շնորհիւ «Կոմիտաս» երգչախումբին եւ Համազգայինի վարչութեան միացեալ ջանքերուն: Խումբը կը բաղկանար 45 կատարողներէ՝ ղեկավարութեամբ խմբավար Միքայել Աւետիսեանի: Դաշնակի վարպետ Հովսէփ Թորոսեան իր բազմազբաղ ժամերէն նուիրած էր այս համերգին, որուն համար յատուկ գնահատանք կ՛արտայայտենք: Ձմեռուան աննպաստ պայմանները յաղթահարելով՝ այդ գիշեր իսկ կրցաւ վերադառնալ Լոս Անճելըս:
Համերգին բացումը կատարեց Նազիկ Արիսեան՝ Համազգային «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի ատենապետուհին: Ան իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց Համազգայինի հիմնադիրներուն, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի հիմնադիրներուն: Ան շեշտեց միութեան գլխաւոր առաքինութիւնը, որն է՝ մշակոյթի վերելքի ճամբով նպաստել հայ ինքնութեան եւ անոր պահպանման: Ապա ընկերուհին ներկայացուց «Կոմիտաս» երգչախումբը, որ ներկայացաւ բեմ՝ իր անդամներու պատկառելի թիւով եւ գէղեցկացուց բեմահարթակը:
Յայտագիրի առաջին բաժինով երգչախումբը ներկայացուց նախ դասական խմբերգներ՝ կոմիտասէն, ապա նաեւ մեր նշանաւոր երաժիշտներու ստեղծագործութիւներէն: Ժողովուրդի ջերմ ընդունելութիւնը նկատելի էր, որովհետեւ խնամքով պատրաստուած երգացանկը հարուստ էր ժողովրդային երգերով, ինչպիսին են՝ «Իմ անուշ տաւիղ», «Լեռներ հայրենի», «Մարտիկի երգը», «Իջաւ Մարմանդ իրիկուն» երգերը: