
Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան, Քոլումպիա Համալսարանի Հայկական Կեդրոնին եւ Հայկական Ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու Միութեան, Ուրբաթ, 8 Փետրուար 2019-ին հանդիսաւոր յոբելենական միջոցառումով նշուեցաւ հայկական երաժշտութեան հսկայ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը, Նիւ Եորքի Քոլումպիա Համալսարանէն ներս։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան 120-է աւելի ուսանողներ, մտաւորականներ, երաժիշտներ եւ Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան տարբեր համայնքներէ ժամանած միութենական ներկայացուցիչներ։
Օրուան հանդիսավարն էր Քոլումպիա Համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան։ Երաժշտական յայտագրով հանդէս եկան տաղանդաւոր երաժիշտներ` Լուսին Մուսայէլեան (սոփրանօ), Վաղարշակ Օհանեան (պարիթոն) եւ Արսէն Կետիկեան (ջութակ), կատարելով Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն։
Օրուան բանախօսն էր Ֆրէնքլըն եւ Մարշըլ Համալսարանի Երաժշտական Ամպիոնի Վարիչ Փրոֆ. Սիլվիա Ալաճաճի։ Ան գեղեցիկ կերպով ներկայացուց Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ Պոլիսէն Էջմիածին ու Եւրոպա, նրա կատարած մշակումները, հազարաւոր հայ ժողովրդական երգերու նոթագրումը եւ կորուստէ փրկումը, անոր ունեցած մեծ ներդրումը հայ հոգեւոր երաժշտութեան մէջ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Կոմիտասի ունեցած ոգեղէն ներգործութեան՝ ինչպէս ամէն հայ ընտանիքի, նոյնպէս ալ իր ընտանիքին վրայ։ Դոկտ. Ալաճաճի նշեց, որ Կոմիտասը հայութեան բոլոր հատուածները իրար միացնող կամուրջ մը եղած է, հաւասարապէս պատկանելով Արեւելահայութեան եւ Արեւմտահայութեան, ինչ որ բացառիկ իրողութիւն մըն է։