
Ընկերա-մշակութային կեանքը ողողող ձեռնարկները, յոբելեաններ ոգեկոչելու ձգտումով, կը տարուբերին սովորաբար իրենց ոճով, որակով, խորքով, ձեւով ու գաղափարով: Երբեմն, սակայն, եղած են յոբելեաններ, որոնք իրենց բուն նպատակէն շեղելով` դատարկաբանութեան մէջ սուզուած են պարզապէս բեմեր զբաղեցնելու սիրոյն:
Յոբելեաններ, որոնք կու գան վերակենդանացնելու անցեալէն եկած փառք մը, ըլլա’յ անիկա հոգեւոր թէ այլ, ու կը միտին վերաշխուժացնել ներկայ առօրեան դիմագրաւող միտքն ու հոգին, կ’արժանանան այն պարգեւին, որ յարգանք կը պարտադրէ:
Իսկո՛յն, 30 Յունիս 2019-ին, հայ թէ օտար հասարակութիւն մը հրաւիրուած էր` յարգելու ու յաւերժացնելու յիշատակը մեծանուն Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը: Այս յարգանքի տուրքը մատուցուեցաւ նոյնինքն Կոմիտասի երաժշտական ստեղծագործութիւններու ունկնդրութեան ընդմէջէն:
Կոմիտաս վարդապետ եղաւ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երաժշտական գանձարանը հարստացնող հոգեւորականը, որ իր հանճարեղ, տքնաջան, յամառ ու կրքոտ կամքով շրջեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերն ու գաւառները` մօտէն հետեւելու գեղջուկներու հոգեբանութեան ու առօրեային: Ան տարեցներու շրթներէն քաղեց հում, անտաշ, անջատ, կապկպուած երգերը, ետքը կցորդեց ու միաձուլեց զանոնք: Կոմիտաս վարդապետի գերագոյն մտայղացումը եղաւ փրկել գեղջուկ թէ հոգեւոր երգերը խաթարումէ, օտարամուտ ազդեցութիւններէ, մանաւա՛նդ` շարքիականացումէ ու հայեցի ականջը թունաւորող տեսակաւոր ազդակներէ: