
Կիրակի, 20 Մարտ 2011-ի կէսօրէ ետք ժամը 3։30-ին Վալանսի հայ կաթողիկէ համայնքի Նոթր Տամ եկեղեցւոյ մէջ, Համազգայինի Վալանսի Լեւոն Շանթ մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական յետմիջօրէ մը՝ նուիրուած հայ երգի մեծ վարպետ Կոմիտաս Վարդապետի։
Բացման խօսքը կատարեց Մարալ Հարպոյեան մէջբերելով անմահ Կոմիտասին նուիրուած հայ մեծ բանաստեղծին խօսքերը. «Թէ չծնուէր Մեծն Կոմիտասն իմաստուն Հայ ժողովուրդն այսքան բարձր չէր լինի, Թէ չլինէր հայ ժողովուրդն աշխարհում Կոմիտասն էլ այնքան անուշ չէր լինի»։
Այս առթիւ Մարսէյէն հրաւիրուած էր հանրայայտ խմբավար Խաչիկ Եըլմազեան, ան դասախօսեց «Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութիւնը»։ Մեներգներով ու խմբերգներով ելոյթ ունեցաւ իր ղեկավարութեամբ Մարսէյի Սահակ Մեսրոպ փոքր երգչախումբը։ Իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ ելոյթ ունեցաւ Անդրանիկ Մինասեան Հոռովելով, իսկ Անտունին մեկնաբանեց Անի Եըլմազեան-Քոնքէ։ Երգչախումբը մեկնաբանեց գութանի երգեր ու հոգեւոր շարականներ։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Մուշեղ Իշխանի հետեւեալ խօսքով. «Անոր որ կուրծքին տակ կը հնչէ Կոմիտասի երգը, չի կրնար կորսուիլ օտար հրապոյրներու յորձանքին մէջ»։