
13 Նոյեմբեր 2017-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ, Համազգային հրաւիրած էր երաժիշտ եւ խմբավար Մկրտիչ Մկրտիչեանը ,որ ներկայացուց Կոմիտասի կեանքն ու երաժշտական գործունէութիւնը:
Մասնագէտ դասախօսը հետաքրքրական դրուագներով պատմեց Վարդապետին աղքատ եւ ողբերգական մանկութիւնը, ուսանողական տարիները Էջմիածին, ապա Պերլին, վերադարձը երկիր, երաժշտական գործունէութիւնը եւ ստեղծագործութիւները, որոնք 14 հատորներով կը պահպանուին Երեւանի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւներուն մէջ:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն խնդրանքով, Մկրտիչեան մեծ յուզումով մեկնաբանեց Կոմիտասի «Կալի երգը»:
Կիրակի 19 նոյեմբերին, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ ցուցադրուեցաւ Վիգէն Չալտրանեանի «Վարդապետի լռութիւնը» ֆիլմը բեմադրիչին ներկայութեամբ:
Ֆիլմը պատրաստուած է 2015-ին ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով,ան կ’ընդգրկէ արխիւներու նկարահանումներ Վիլժիւֆի հիւանդանոցէն, ուր Կոմիտաս անցուցած է իր կեանքի վերջին տարիները:
Հակառակ աւելի քան երկու ժամ տեւողութեան, հանդիսատեսները լարուած ու կեդրոնացած հետեւեցան ֆիլմի անցուդարձերուն:
Ցուցադրութեան աւարտին նախասրահին մէջ, աւելի քան երկու հարիւր ներկաներէն շատեր առիթ ունեցան զրուցելու բեմադրիչ Վիգէն Չալտրանեանի հետ: