
Բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, կատարողութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին Կիրակի, 8 Մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասեան երեկոյ, նուիրուած` Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին: Ներկայ էին Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, կղերականներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր բազմութիւն մը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամ Լիզա Պասթաճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուար պայմաններուն, Համազգայինը պարտք կը զգայ յիշելու, յարգելու եւ մեծարելու համեստ, սակայն ստեղծագործ երգահան, երաժշտագէտ, հայկական դասական երաժշտութեան հիմնադիր եւ հայ երգի փրկիչ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը` աւելցնելով, որ Կոմիտասի երաժշտութիւնը եւ երգերը մշտապէս հիացական արձագանգ ձգած են Էջմիածինէն մինչեւ հեռաւոր Եւրոպա: Պասթաճեան շեշտեց, որ Կոմիտասի աւանդը ողջ է տակաւին ու կը յաւերժանայ համայն հայութեան երկիւղածութեան խորհրդաւոր պահերուն ընդմէջէն, կ՛արձագանգէ հայ դպրոցի բեմերէն, ուր սերունդներ շարունակ երգած են ու պիտի շարունակեն երգել ժողովրդական ազգագրական երգեր, կը գոյատեւէ իր աշակերտին` Բարսեղ Կանաչեանի ընդմէջէն, որ հետեւելով Կոմիտասի երգչախումբի օրինակին 1936-ին կը կազմէ Պէյրութի «Գուսան» երգչախումբը եւ իր անունով 1983-էն ի վեր կը գործէ Լիբանանի Համազգայինի երաժշտական քոլեճը: