
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը կու գայ յայտարարելու, թէ հաստատած է ուսանողական 3 կրթանպաստներ իւրաքանչիւրը՝ $5000, հայ համալսարանական ուսանողներու գրականութեան, լրագրութեան եւ թատրոն-ֆիլմ ճիւղերուն մէջ:
Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2007-ին, Համազգայինի կազմակերպած Ամերիկահայ անգլիագիր գրողներու տարեկան Ա. ճաշկերոյթին, որուն ներկայ եղան աւելի քան 450 մշակութասէրներ, հանրութեան ներկայացուեցաւ «Մոռցուած Հաց»ը գրական հատորը՝ ամերիկահայ անգլիագիր հեղինակներու գործերուն հաւաքածոն, Տէյվիտ Քըրտեանի խմբագրութեամբ:
Այս ձեռնարկին հասոյթով հաստատուեցաւ յիշեալ կրթանպաստը:
Կրթանապաստի դիմող թեկնածուն պայման է, որ ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Միսիսիփի գետի արեւմտեան ափի նահանգներու հայ բնակիչ եւ որ հայ գաղութներէ ներս ունեցած ըլլայ գործօն մասնակցութիւն եւ ունենայ համալսարանական ընդհանուր վարկանիշ՝ նուազագոյնը GPA 3.0.
Դիմունագրերու ընդունման ժամկէտն է Յուլիս 1- Սեպտեմբեր 1 2008:
Արդիւնքը թեկնածուներու պիտի հաղորդուի Սեպտեմբեր 30, 2008-ին:
Կրթանապաստները հրապարակային կերպով պիտի տրուին Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւն-ճաշկերոյթին՝ Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր, 2008-ին:
Դիմումնա•րերը ստանալու համար հեռաձայնել 818-935-3555 եւ կամ
Email: hamazkayin80th@yahoo.com.
Ամբողջացած դիմումնագիրը պէտք է ուղարկել հետեւեալ հասցէին.-
Hamazkayin Western USA, P.O. Box 4732, Glendale, CA. 91222.