
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի շրջանային վարչութիւնը այսու կը ծանուցանէ իր Հրատարակչական հիմնադրամի «Օշական մատենաշար»ի մեկնարկը։
«Օշական մատենաշար»ը կը միտի հրատարակել գրականութեան բնագաւառէն ստեղծագործական թէ գրականագիտական որակաւոր գործեր: Մեր նպատակն է այս մատենաշարով լոյս ընծայել անցեալ թէ ներկայ՝ մնայուն արժէքներու վերածուած գրողներու մանաւանդ անտիպ երկերը:
Այս առթիւ կը հաղորդենք, թէ շուտով լոյս կը տեսնէ «Օշական մատենաշար»ի անդրանիկ հրատարակութիւնը՝ Վազգէն Շուշանեանի «Ալեկոծ տարիներ» գիրքը, որ տարաբախտ գրողին ինքնակենսագրութիւնը ըլլալէ անդին, նաեւ լուսարձակի տակ կը բերէ անոր ներաշխարհն ու աշխարհահայեացքը:
Պարտ կը զգանք նաեւ յայտնել, թէ 2008-էն սկսեալ, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը հովանաւորած է երեք գիրքերու հրատարակութիւնը. Գէորգ Մանճիկեանի «Յուշեր», Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Բ. խօսքը» եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Իմ ուղեպատումը» հատորները, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան 2013-ի Գրական մրցոյթի արդիւնքներու «Հայ մայրը» գրքոյկը։
«Օշական մատենաշար»ին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ հարցումներու համար կը խնդրուի գրել oshagan@hamazkayin.ca հասցէին։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ