
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը կու գայ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու բոլոր նուիրատուներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի Մանուկներ առցանց հանգանակութեան, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի Դեկտեմբեր 13, 2020-ին։
«Համազգայինը Արցախի մանուկներու կողքին» ծրագիրը նախաձեռնութիւնն է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, համագործակցութեամբ Համազգային Երեւանի եւ Արցախի գրասենեակներուն։ Նպատակը` մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպել Արցախի մանուկներուն հոգեւոր-մշակութային կարիքները հոգալու եւ իրենց տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար: Պիւտճէի մատակարարումը վստահուած է Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Շրջանային վարչութիւններուն՝ Գանատա, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկա։
Ցարդ կայացած են շուրջ 150 հաւաքներ, որոնց մասնակցած են 8-14 տարեկան աւելի քան 200 երեխաներ ու դպրոցականներ, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի մէջ համալսարան դիմորդներու հայոց լեզուի գիտելիքներու ամրապնդման կարիքը ունեցող ուսանողներ։ Ծրագրի ընդհանուր պատասխանատուն է ընկհ. Հերմինէ Աւագեան, որ իր կողքին ունի ազգային պարի, երգի, ձեռային աշխատանքներու, նկարչութեան, թատերական վարժանքներու, ուսողութեան եւ հայոց լեզուի մարզերուն մէջ մասնագիտացած 17 ուսուցիչներ եւ հաւաքները ղեկավարողներ։ Բացի շաբաթական դրութեամբ իրականացուող հաւաքներէն, ծրագրի մասնակցող մանուկներն ու պատանիները նաեւ կ՚այցելեն թանգարաններ ու ներկայ կ՚ըլլան թատերական ներկայացումներու։
Ուրախ ենք յայտարարելու թէ Համազգային Գանատայի առցանց հանգանակութիւնը գերազանցեց իր թիրախը, ընդհանուր գումարը հասցնելով $21,659.00 տոլարի։
Այս առթիւ, վարչութիւնս յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ Մոնթրէալի «Սանահին», Թորոնթոյի «Գլաձոր», Գէմպրիճի «Տաթեւ» եւ Վանքուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, որոնց անվերապահ ճիգերով կարելի եղաւ իրականացնել դրամահաւաքը, ինչպէս նաեւ յայտագրին մասնակցող բոլոր անհատներուն եւ խումբերուն։ Կցուած կը ներկայացնենք մինչեւ օրս տարուած աշխատանքները ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզը։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն