
Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը այս տարի՝ 2008ին կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 80ամեակը:
Այս առթիւ, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը արդէն կեանքի կոչած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ ծրագրած է արժանավայել կերպով նշել այս պատմական թուականը, կազմակերպելով տարբեր բնոյթի մշակութային ձեռնարկներ եւ հանդիսութիւններ:
Այս ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ մամուլի եւ պատմական գրքոյկի մը մէջ հրատարակումը զանազան յօդուածներու եւ նկարներու, որոնք կրնան ըլլալ Համազգայինի մասին յուշեր, վկայութիւններ եւ առհասարակ հայ մշակութային կեանքի հետ առնչուող մտածումներ, խոհեր եւ նոր առաջադրանքներ:
Անկախ ասկէ, յանձնախումբին ամբողջ տարուան մը վրայ երկարող գործունէութիւնը կը նախատեսուի հետեւեալ օրերուն:
1.- Ուրբաթ, 16 Մայիս, 2008 - «Տըլէյաման» խումբի ձեռնարկ
2.- Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր, 2008 - Երտասարդական խրախճանք
3.- Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր, 2008 - Միօրեայ՝ Մշակութային փառատօն-ֆեստիվալ
4.- Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր, 2008 - Ճաշկերոյթ-Տօնախմբութիւն
80ամեակի գլխաւոր հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը շքանշանով մը պիտի պատուէ այն անձը, որ շրջանէս ներս Համազգայինի եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին մէջ ունեցած է կարեւոր ներդրում:
5.- Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբեր, 2008 - Արա Մալիքեանի նուագահանդէս
6.- Կիրակի, 23 Նոյեմբեր, 2008 - Հրապարակային տօնակատարութիւն
Արդ, մեր ուրախութեան, ցնծութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքերուն եւ արտայայտութիւններուն կողքին, կոչ կ°ուղղենք նաեւ մեր բոլոր անդամ անդամուհիներուն եւ յատկապէս շրջանի մշակութասէր հասարակութեան, որ նկատի ունենան այս թուականները եւ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեն ու նեցուկ կանգնին հայ մշակոյթի արթուն պահակի դերն ու պարտականութիւնները ստանձնող Համազգայինի այս բոլոր ծրագրումներուն:
Վստահ ենք, որ 80ամեակի առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկները առիթ մը պիտի ըլլան միութեան 80ամեայ գործունէութեան յաւելեալ ամրապնդման եւ նոր մթնոլորտի մը ստեղծման, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին առջեւ մեր յանձնառութեան վերահաստատման:
Մեր ջերմ փափաքն ալ է, որ մօտէն հետեւիք մամուլի մեր յայտարարութիւն-ներուն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային Վարչութիւն
7 Ապրիլ, 2008