
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով` 28 Նոյեմբերէն 4 Դեկտեմբեր 2012, ամերիկահայ գրող, «Տը սենտքեսըլ կըրլզ» («Աւազէ ամրոցի աղջիկները») գիրքի հեղինակ Քրիս Պոհճալեան հրաւիրուած է Լիբանան:
Քրիս Պոհճալեան «Տը սենտքեսըլ կըրլզ»-ը կոչած է լաւագոյն գիրքը, զոր ինք երբեւէ գրած է: Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող այս վէպը արժանացաւ բարձր գնահատանքի` Յուլիս 2012-ին իր հրատարակութենէն ետք գրաւելով «Տը Նիւ Եորք թայմզ»-ի ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցանկին 7-րդ դիրքը: Ան նաեւ ընդգրկուած է «Փապլիշըրզ ուիքլի»-ի, «Եու. էս. էյ. թուտէյ»-ի եւ Ամերիկայի անկախ գրատուներու ամէնէն շատ վաճառուող գիրքերու ցանկին մէջ:
Պոհճալեան հեղինակած է տասնհինգ գիրքեր, որոնց շարքին «Տը Նիւ Եորք թայմզ»-ի ամենաշատ վաճառուող գիրքերէն հետեւեալները` «Տը նայթ ըսթրէյնճըրզ» («Գիշերուան օտարականները»), «Սիքրըթց աֆ իտըն» («Եդեմի գաղտնիքները»), «Սքելեթընզ էթ տը ֆիսթ» («Կմախքներ` խնճոյքին»), «Տը տապըլ պայնտ» («Կրկնակի կապը»), «Պիֆոր եու նօ քայնտնես» («Նախքան բարիութիւն գիտնալդ»): Իր «Միտուայվզ» («Մանկաբարձուհիները») վէպը արժանացած է «Տը Նիւ Եորք թայմզ»-ի ամենաշատ վաճառուած գիրքերու առաջին դիրքը գրաւելու պատիւին, ընտրուած է Օփրայի «Պուք քլապ»-ի կողմէ եւ ստացած է «Փապլիշըրզ ուիքլի»-ի «Լաւագոյն գիրք» մրցանակը: Պոհճալեանի գործերը թարգմանուած են աւելի քան քսանհինգ լեզուներու եւ երեք առիթներով վերածուած են ժապաւէններու:
Քրիս Պոհճալեանի «Տը սենտքեսըլ կըրլզ» գիրքի շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեամբ Համազգայինի հրատարակչատան, կաթողիկոսարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբերին, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին: Այս առիթով նաեւ տեղի պիտի ունենայ գիրքի մակագրութիւնը:
Պոհճալեանի Լիբանան կեցութեան ընթացքին Ամերիկեան եւ Հայկազեան համալսարաններու ուսանողութեան հետ պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ: Ան պիտի այցելէ նաեւ հայկական երկրորդական վարժարաններ:
Յայտնենք, որ գիրքը արդէն հասած է Լիբանան եւ կարելի է զայն գտնել Համազգայինի գրախանութին մէջ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ