
22-24 Դեկտեմբեր 2011-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով, Համազգայինի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի` տարիներու ընթացքին պատրաստած դիմանկարներու ներկայացումը, ինչպէս նաեւ փոքր չափի իւղաներկ եւ ջրաներկ գործերու ցուցահանդէս վաճառքը:
Ինչպէս միշտ, այս առիթով նոյնպէս Լիւսի Թիւթիւնճեան որոշեց ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը տրամադրել բարեսիրական նպատակներու:
Ուրախ ենք յայտնելու, որ Ամանորի առիթով ան կը կատարէ 11400 ամ. տոլարի նուիրատուութիւն` հետեւեալ բաժանումով.
1.- Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին` 1000 ամ. տոլար
2.- Ազգային Աբգարեան վարժարանին` 1000 ամ. տոլար
3.- Ազգային Ռուբինեան-Սահակեան վարժարանին` 1000 ամ. տոլար
4.-Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան քոլեճին` 1000 ամ. տոլար:
5.- Հայ կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարանին` 1000 ամ. տոլար
6.- Հայ Աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանին` 1000 ամ.
տոլար
7.- Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին` 500 ամ.
տոլար
8.- Ինը կարօտեալ ընտանիքներու` 500-ական ամ. տոլար
9.- Այլ կաղանդչէքներ կարօտեալներու` 400 ամ. տոլար
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութիւն