
Քարվաճառի վերաբնակեցման աշխատանքներու ծիրէն ներս Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր ներդումը ունեցաւ Քարվաճառի դպրոցին նուիրելով համակարգչային սարքեր։ Այսուհետեւ աշակերտները կարելիութիւնը պիտի ունենան օգտուելու համակարգիչներէն, որոնք տեղադրուած են դպրոցի համակարգիչներու դասարանին մէջ։
Նման ներդում պիտի կատարուի նաեւ Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքին մէջ։
Համազգայինի
Կեդրոնական Վարչութիւն
6 Հոկտեմբեր 2011