
Հայ նորահաս սերունդին առողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր հայեցի ամուր դաստիարակութիւն ջամբելը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է միշտ: Իսկ նոր սերունդներու առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած, մանկավարժ, եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ:
Վերջին տարիներուն, հայերէն լեզուի ու գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի դասաւանդութեան բնագաւառներուն մէջ, նշուած ստորոգելիները ունեցող ուսուցիչներու թիւը հետզհետէ նահանջ կ՝արձանագրէ, հայկական շատ մը վարժարաններու մէջ, ամբո'ղջ Սփիւռքի տարածքին: Եթէ հայերէնագիտական նիւթերու դասաւանդ կարող ուսուցիչներու թիւի նուազումը շարունակուի ներկայ ընթացքով, ոչ-հեռու ապագային մեր նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան ծրագիրները մեծ տագնապներու պիտի մատնուին: Այս խնդրին լուծում գտնելու ճիգին մէջ, եւ որպէս գործնական նախաքայլեր, առնուած են հետեւեալ նախաձեռնութիւնները:
1)Առաջարկուած է Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան, որ Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս հաստատուի հայերէնագիտական կրթութեան խտացուած ծրագիր մը: Առաջարկուած ծրագրի ուսումնական տեւողութիւնը պիտի ըլլայ երկու տարի: Ծրագրի աւարտին ուսանողը պիտի ստանայ Մագիստրոսի վկայական: Ծրագիրը պիտի ներառնէ արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի դասաւանդման բաժիններ: Ծրագրին հետեւող ուսանողները մեծաւ մասամբ պիտի ըլլան Սփիւռքի վարժարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդելու համար պատրաստուող սփիւռքահայեր: Ծրագրին նպատակը պիտի ըլլայ նման ուսանողներու անհրաժեշտ հայերէնագիտական մասնագիտացում ջամբել: Այս առաջարկին գործադրութեան առնչութեամբ կը գտնուինք ծրագրումի հանգրուանի մէջ:
2)Հաստատուած է հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր մը, որ կազմուած է հետեւեալ երկու հանգրուաններէն. Ա)Սփիւռքի հայկական վարժարանէ մը հայերէնագիտական նիւթերու մէջ լաւ արդիւնքներով շրջանաւարտ երիտասարդը/ուհին կը հետեւի մանկավարժական համալսարանական ծրագրի մը (Education), որուն աւարտին կը ստանայ BA-ի կամ Licence-ի վկայական: Այս առաջին հանգրուանը կ'ամբողջացուի իր բնակած երկրին մէջ: Նոյն հանգրուանին կամ աւելի ուշ ուսանողը կ'ամբողջացնէ Teaching Diploma-ի (Diplome d’Enseignement) ծրագիր մը:
Բ)Երկրորդ հանգրուանով ուսանողը կ'ամբողջացնէ վերը մատնանշուած Երեւանի Պետական Համալսարանի հայերէնագիտական մասնագիտացումի՝ Մագիստրոսի մակարդակի ծրագիրը: Հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան այս ծրագիրը արդէն ընթացք առած է: Մէկ ուսանող արդէն իսկ սկսած է հետեւիլ իր Licence d’Education-ի ծրագրին:
3)Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը պատրաստ է հոգալու այս ծրագրին հետեւող առաջին մի քանի ուսանողներուն ուսման եւ Հայաստանի մէջ կեցութեան ամբողջական ծախսերը: Աւելի մեծ թիւով ուսանողներու ծախսերը հոգալու համար, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը պատրաստ է գործակցելու կրթական կամ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու կամ կառոյցներու հետ: Նաեւ կը ծրագրուի հիմնել այս նպատակին սատարող յատուկ հիմնադրամներ, հայցելով օժանդակութիւնը ազնիւ եւ հոգածու ազգայիններու:
4)Այս ուսանողներէն պիտի պահանջուի գրաւոր համաձայնագրով մը ստանձնել բարոյական պարտաւորութիւնը, ուսումը աւարտելէ ետք, առնուազն եօթը տարի հայկական վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարելու իբրեւ հայերէնագիտական նիւթի ուսուցիչ: Արդ, սոյն հաղորդագրութեամբ կը փափաքինք յայտարարել, թէ այս ծրագիրը մեկնարկուած է արդէն: Ապա նաեւ գործակցութեան կոչ ուղղել հետաքրքրուած կրթական կամ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն: Գործակցութեան կոչ ուղղել նաեւ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն: Վերջապէս, հրաւիրել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ այս ծրագիրով հետաքրքրուած աշակերտները, որ կապ պահեն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակին հետ (central@hamazkayin.com , 00961-4-715684) :
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
18 Ապրիլ 2012