Հաղորդագրութիւններ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 1 Դեկտեմբեր 2013ին հիմնուեցաւ Սթոքհոլմի Համազգայինի Մեկուսի Մասնաճիւղը։ Հիմնադիր ժողովին ներկայ էին 15 անդամներ եւ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Մկրտիչ Եափուճեան։ Կ.Վ.ի ներկայացուցիչը տեսերիզով եւ հակիրճ ակնարկով փոխանցեց Համազգայինի հիմնադրութեան նպատակները եւ անդրադարձաւ անոր ութսունհինգամեայ պատմութեան: Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի անդրանիկ Վարչութեան ընտրութիւնը հետեւեալ կազմով.
Մելինէ Մանսուրեան - ատենապետուհի
Նորա Վեքիլեան –Թաժրա – ատենադպրուհի
Սիմոն Տէր Սահակեան - գանձապահ
Յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք կը մաղթենք նորակազմ մասնաճիւղին։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն (Պէյրութ)
9 Դեկտեմբեր 2013