
Համազգայինի 24-րդ Շրջանային ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2014-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ներկայութեամբ` Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, մասնաճիւղերու պատգամաւորներու, միաւորներու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու:
Ժողովը նախ եւ առաջ լսեց Երեւանի մէջ գումարուած Համազգայինի 7-րդ Պատգամաւորական ժողովին մասին hամապարփակ զեկուցում մը, ապա անցաւ իր օրակարգի կէտերու քննարկման: Առաջին առիթով քննարկուեցաւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, որմէ ետք յառաջիկայ երկամեակի գործունէութեան համար ներկայացուեցան առաջարկներ:
Աւարտին ընտրուեցաւ Համազգայինի Լիբանանի նոր Շրջանային վարչութիւնը` հետեւեալ կազմով.
Դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան
Նորա Թաշճեան
Սեզար Զարմէնեան
Անի Պիլալեան
Րաֆֆի Աֆարեան
Հուրի Գէորգեան
Սէմ Սիմոնեան
Ալին Նագգաշեան
Լեւոն Ակոբեան
Յակոբ Գառնէշեան
Աստղիկ Փանոսեան
Համազգայինի
Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն