
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ գործակցութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, 31 Հոկտեմբերէն 7 Նոյեմբեր 2015-ին Լիբանան պիտի այցելէ Երեւանի պետական համալսարանէն 9 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որուն առաքելութիւնն է վերանորոգել լիբանանահայ կարգ մը կառոյցներու հետ հաստատուած համաձայնութիւնները, զարգացնել աշխատանքային նոր գործելադաշտեր, կազմակերպել ժողովրդային լսարաններ, հայ աշակերտութեան ծանօթացնել համալսարանն ու Հայաստանի մէջ ուսման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակութեան ներկայացնել Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հրատարակութիւնները:
Պատուիրակութիւնը իր այցելութեան ընթացքին պիտի հանդիպի լիբանանահայ հոգեւոր պետերուն, կուսակցութիւններու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ վարժարաններու կրթական պատասխանատուներուն եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: